2014-05-21 12:08:54

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հրապարակային ունկնդրութիւնը` Սուրբ Հոգւոյն պարգեւները` ''Գիտութիւնը''։


Չորեքշաբթի, 21 Մայիս 2014-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակին մէջ ընդունեց` Մակեթոնիայի Հանրապետութեան նախագահը Տիար Ժորժ Իվանովը, անոր կողակիցը եւ իրենց ընկերացող շքախումբը, որոնք ապա հանդիպում ունեցան նաեւ Վատիկանի Պետական քարտուղար` Կարտինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ։
Սրբազան Քահանայապետը ապա, ինչպէս ամէն չորեքշաբթի, հրապարակային ունկդրութիւն շնորհեց, Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ համախմբուած բազմահազար իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորներուն։

Շարունակելով Սուրբ Հոգւոյն պարգեւներու մասին իր խորհրդածութիւնները, Նորին Սրբութիւնը խօսքը կեդրոնացուց ''Գիտութեան'' պարգեւի վրայ` այսինքն ''մարդու կարողութիւնը միշտ աւելիով ճանչնալու զինք շրջապատող իրողութիւնը եւ գիտակցելու տիեզերքը եւ բնութիւնը կարգաւորող օրէնքներուն''։
Սուրբ Հոգիէն բխած գիտութիւնը չի սահմանափակուիր մարդկային գիտակցութեան, այլ իւրայատուկ պարգեւ մըն է, որ մեզ կը մղէ հասկնալու` Աստուծոյ մեծութիւնն ու Սէրը ու անոր խոր կապը ամէն մէկ արարածին հետ, ստեղծագործութեան միջոցաւ։
Բնութեան գեղեցկութիւնն ու տիեզերքի մեծութիւնը մեր մէջ կ՛արթնցնէ երախտագիտութեան խոր զգացում մը։ Գիտութեան պարգեւը մեր մէջ կը դրոշմէ Արարիչին հետ ներդաշնակութիւն մը որ մեզ մասնակից կը դարձնէ Անոր հայեացքի պարզութեան ու Անոր մարդոց եւ աշխարհի նկատմամբ ունեցած կամքին։Այս հեռանկարով է որ կարող կը դառնանք այր մարդն ու կինը նկատել որպէս ստեղծագործութեան գագաթնակէտը` որպէս սիրոյ ծրագիրի իրականացում։
Տիեզերքի գեղեցկութիւնը քրիտոնեային համար, անդորրութեան եւ խաղաղութեան պատճառ է, որուն միջոցաւ ան կը դառնայ Աստուծոյ ուրախ վկայ մը, Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացիի ու այլ սուրբերու նմանութեամբ որ կարողացան փառաբանել Աստուծոյ սէրը արարչագործութեան ընդմէջէն – ըսաւ Քահանայապետը ու ապա հրաւիրեց` ''հասկնալու թէ արարչագործութիւնը մեր սեփականութիւնը չէ։ Աստուծոյ մեզի շնորհած հրաշալի պարգեւ մըն է որ պէտք ենք խնամել եւ օգտագործել բոլորին բարիքին ի սպաս, յարգանքով եւ երախտագիտութեամբ''։

Գիտութեան պարգեւով Սուրբ Հոգին մեզ կը մղէ հասկնալու անհատներուն եւ մեզ շրջապատող իրականութեան արժէքն ու գեղեցկութիւնը, ինչպէս նաեւ
անոնց սահմանաչափը։ Սուրբ Հոգին մեզ կը հրաւիրէ մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու Աստուծոյ վրայ ու Անոր հետ հանդիպումին, որովհետեւ այս է արարչագործութեան խոր եւ ճշմարիտ իմաստը, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ճառին աւարտին ու ապա հրաւիրեց հաւատացեալները հայցելու Սուրբ Հոգիին գիտութեան շնորհքը հասկնալու համար թէ արարչութիւնը Աստուծոյ մեզի պարգեւած ամենագեղեցիկ նուէրն է։

Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը գտնուող հաւատացեալները ու ապա յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն հրաւիրելով երիտասարդները զԱստուած դասելու որպէս իրենց կեանքի կեդրոն, հիւանդները` հաւատքով դիմագրաւելու առօրեայ տառապանքները եւ նորապսակեալները իրենց ընտանեկան կեանքը հիմնելու միութեան խարիզմի վրայ։







All the contents on this site are copyrighted ©.